2014-12-19 08:39:44

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքին Ծննդեան պատգամը` պատերազմներով կարելի չեղաւ բան մը ունենալ։


Հաշուեկշիռ մը եւ խորհրդածութիւն մը 2014 տարւոյն մասին։

(Ռ.Վ. 19 դեկտեմբեր 2014) Գերապայծառ Շոմալի մամուլին առջեւ, Ս. Երկրի ճեմարանին մէջ, ներկայացուց Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալի Ծննդեան պատգամը։
Պատգամը ակնարկ մըն է Միջին Արեւելքի անցնող տարւոյն բարդ կացութեան մասին, ուր կը տիրապետեն պատերազմն ու բռնութիւնը։
Պատրիարքը իր պատգամին մէջ կը գրէ. ''Կը դատապարտենք Կազայի պատերազմը եւ կը սգանք անոր ողբերգական հետեւանքները` մահն ու աւերները եւ միաժամանակ կը դատապարտենք բոլոր բռնութեան երեւոյթները, անմեղ անհատներու դէմ ատելութիւնը, ինչպէս ժողովարաններու մէջ աղօթող հաւատացեալներու սպանդը եւ մզկիթի դէմ գործադրուած յարձակումները։

Պատրիարքը ապա կ’ընդգծէ 2014 տարւոյն դրական երեւոյթները, ինչպէս մայիսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ս. Երկիր կատարած ուխտագնացութիւնը, հուսկ կը յիշեցնէ որ Յիսուսի ծնունդը կը մնայ ''գթութեան, սիրոյ ու խաղաղութեան խոստում մը բազմաթիւ այն անհատներուն համար որոնք կ’ապրին տառապանքի ու տուայտանքին մէջ''։

Գերապայծառ Շոմալին պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն ըսաւ. ''Մենք ամէն տարեվերջ, Դեկտեմբեր ամսոյն մէջ ընդհանուր ակնարկ մը կը նետենք անցնող տարւոյն վրայ, գոհութիւն մատուցանելու Տիրոջ դրական բոլոր դէպքերուն համար, միաժամանակ ներողութիւն խնդրելու` ժխտական ներգործութիւններուն համար։
Գեղեցիկ դէպքերուն մէջ, մեր հաւատացեալներու սրտին ու յիշողութեան մէջ կայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գեղեցիկ այցելութիւնը Յորդանանին, Պաղեստինին ու Իսրայէլին, որուն ընթացքին շփում ունեցաւ մեր հաւատացեալներուն հետ։ Իր այցելութեամբ ամրապնդեց քրիստոնեայ հասարակութեան ներկայութիւնը Ս. Երկիրին մէջ։ Իր արտասանած ճառերուն մէջ, Սրբազան Քահանայապետը շօշափեց բազմաթիւ նիւթեր ի սպաս խաղաղութեան, արդարութեան, սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներուն, որոնք Յորդանանին մէջ ապաստան գտած են։
Սրբազան Հայրը նշեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ տածած աշխատանքին գեղեցկութիւնը։ Ս. Երկրին մէջ կը դիմագրաւենք բազմաթիւ քաղաքական մարտահրաւէրներ, հողերու բռնագրաւումը, ընտանիքները, երիտասարդները, քրիստոնեաները ու պատրիարքութեան ժողովրդապետութիւնները բաժանող պարիսպները։ Կ’ապրինք իրապէս գողգոթային ու դժուար իրավիճակ մը։
Ուրախութեան այլ առիթ մը հանդիսացաւ, ըսաւ Գերապայծառ Շոմալին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետին երկու պաղեստինցի սրբուհիներու սրբադասումի վճիռի ստորագրութիւնը` Marie Alphonsine, հիմնադրուհին ս. Վարդարանի իգական կրօնաւորական միաբանութեան եւ Mariam Bawardi, հիմնադրուհին Բեթղեհէմի , Ս. Երկրի ու Հնդկաստանի Կարմեղեան տուներուն։ Այս գեղեցիկ երկիրը, ուր կ’ապրինք, կարող է հետեւաբար Եկեղեցւոյ ու աշխարհին տալ նաեւ սուրբեր ու սրբուհիներ եւ ոչ լոկ բռնութիւն, ահաբեկչութիւն ու բռնագրաւում։
Գերապայծառ Շոմալի հուսկ ցաւով անդրադարձաւ կարգ մը տխուր դէպքերու, ինչպէս Կազայի պատերազմը, որ պատճառեց տասնեակ հազարաւոր մահեր ու վիրաւորներ եւ ուր կազութիւնը տակաւին լարուածութեան մէջ կը մնայ։ Պաղեստինցիները կը պահանջեն անկախ պետութիւն մը։ Իսրայէլը կ’ուզէ որ երաշխաւորուի իր անվտանգութիւնը։ Այս բոլոր պատերազմներով ոչ մէկ բանի յանգեցանք, աւելի լաւ է որոնել նոր դրութիւն մը ու չկիրարկել միմիայն բռնութիւն, բռնութիւն ու բռնութիւն։
2014-ի Ծնունդը թող ըլլայ գեղեցիկ Ծնունդ մը բոլորիս համար, Միջին Արեւելքին համար, յոյսով ենք որ Տէրը մեզի պարգեւէ գեղեցիկ անակնկալ մը, մեզի պարգեւէ իր խաղաղութիւնը։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ մեզի ձեզի մեծ աւետիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.